2015-11-13 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ''Աստուած մեծագոյն գեղեցկութիւնն է` մնացածը վաղանցուկ է''


(Ռատիօ Վատիկան) Գոյութիւն ունին երկու վտանգներ որոնք կը սպառնան հաւատացեալներուն.  Երկրային ինչքերը աստուածացնելու փորձութիւնը, եւ  սովորութիւններու կռապաշտութիւնը կարծես թէ անոնք յաւերժական ըլլային։  Մինչ՝ միակ  մշտնջենական գեղեցկութիւնը որուն պէտք է նայինք ՝ Աստուծոյ Գեղեցկութիւնն է։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

''Մեծագոյն գեղեցկութիւնը Աստուած է'' այս գրուած է նաեւ Սաղմոսերգուին մէջ ըսաւ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը, որ կը խօսուի ստեղծագործութեան գեղեցկութեան մասին եւ  լուսարձակի տակ դնելով այն վտանգները որոնք կը ապառնան հաւատացեալին ու այն սխալը, որով մարդիկը` կարող չեն գեղեցկութեան ընդմէջէն տեսնելու վերացականը։ Այս տեսակ կեցուածցք  Նորի Սրբութեան գնահատումով '' անմիջականութեան հանդէպ կռապաշտութիւնն է''։

''Կռապաշտութիւն է դիտել գեղեցկութիւնները, առանց մտաբերելու, թէ անոնք մայրամուտ մը ունին։ Եւ  բոլորս ալ ենթարկուած ենք այս փորձութեան '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը եւ անդրադարձաւ երկրորդ  սպառնալիքին. ''սովորութիւններու կռապաշտութիւնը'' որ մարդուն սիրտը խուլ կը ձեւացնէ։

՝՝Ամէն ինչ սովորութիւն է։ կ՝ապրինք առանց մտածելու,  թէ  կեանքը մայրամուտ  մը ունի։ Սովորութիններու կապուածութիւնը, առանց մտածելու թէ անոնք  վերջ մը ունին։  Այս ալ տեսակ մը  կռապաշտութիւն է հաստատեց  Սրբազան  Հայրը յորդորելով, որ հարկաւոր է մեր հայեացքը միշտ  սեւեռել դէպի անդին. ''Վերջնական սովորութեան` միակ Աստուծոյն որ կը գտնուի ստեղծած բաներէն անդին ու անոնց  նպատակէտն է'' ։ ՝՝Մենք հաւատացեալներս ետքայլ ընող անձեր չենք, անձեր որոնք կը զիջին, այլ յառաջ ընթացող անհատներ ենք''' յայտնեց Ֆրանչսկոս Պապ ու հրաւիրեց միշտ ընթանալ դէպի յառաջ՝ նայելով գեղեցկութեան, մեր սովորութիւններով, սակայն՝ առանց զանոնք աստուածացնելու...գիտակից ըլլալով թէ անոնք օր մը օրանց վերջ մը ունին, վաղանցուկ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.